2017-01-16 10:05:00

Կարդինալ Ամաթոյի հաշուեկշիռը`2016 տարուան ընթացքին հռչակուեցան 10 նոր սուրբեր։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, անցեալ 9 յունուարին,  քահանայապետական Ուրպանիան համալսարանին  մէջ բացումը կատարելով սուրերու դատի հայող նոր դասընթացքի մը,  զրուցած  է 2016 տարուան ընթացքին հռչակուած  նոր երանելիներուն  եւ սուրբերուն մասին։

2016 տարեշրջանին հռչակուած են  14  երանելիներ եւ սրբադասուած 10 սուրբեր – յայտնած է կարդինալ Ամաթօ։

Սուրբերու  շարքին կան`  եպիսկոպոս մը՝ գերապայծառ Մանուէլ Կոնզալեզ Կարսիա եւ իր  չորս քահանաները՝ հայր Կապրիել Պրոշերօ, Հայր Ժովաննի Փափչինսքին, Հայր Լոտովիքօ Փաւոնին եւ Հայր Ալֆոնսօ Մարիաօ Ֆուսքօ, որոնցմէ երեքը  հիմնադիրները եղած  են կրօնական հաստատութիւններու։

Իսկ կրօնաւորուհիներու շարքին սրբադասուած են Քարմելիթեան միաբանութեան անդամ Էլիզապեթ Տէ Լա Թրինիթէ, Քալքութայի Մայր Թերեզան, եւ Էլիզապեթ Հեսսենպալտը, որոնք եղած է նաեւ հիմնադրուհիները կրօնական հաստատութիւններու։  2016 տարուան ընթացին աշխարհականներու շարքին սրբադասուած է Մեքսիքացի երիտասարդ`  եղբայր Խօսէ Սանչեց Տէ Ռիոն։

Յիշեալ 10 սուրբերը կը  ներկայացնեն հետեւեալ ազգերը Ալպանիա, Արժանթին ­ Ֆրանսա, Իտալիա, Մեքսիքօ, Սպանիա եւ Շուէտ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.